2014-09-20 09:00:41

Աստուծոյ աղախին` Քոյր Ճովաննինա Ֆրանքիի երանացման արարողութիւնը։


Շաբաթ, 20 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Իտալիոյ Քոմօ քաղաղքին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին, գլխաւորութեամբ Սուրբերու դատի ժողովի նախագահ` Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօյի, Եկեղեցւոյ Երանելի կը հռչակուի քոյր Ճովաննինա Ֆրանքի՝ Ցաւաքին Տիրմաօր Հիւանդապահուհի մայրապետներու միաբանութեան հիմնադրուհին։
Երանելի Ճովաննինա Ֆրանքի ծնած է հարուստ ընտանքիքի յարկին տակ, եւ ծնողած կամքին հետեւելով, տասնեակ տարիներ ապրած է իր ընտանիքէն հեռու, ստանալու համար զօրաւոր դաստիարակութիւն։
1840-ին, 33 տարեկանին, Ճովաննինային առաջադրուած է ամուսնանալ իրմէ տարիքով մեծ մարդու մը հետ, այս վերջինը սակայն հիւանդութեան մը պատճառաւ, կը մահանայ նախքան պսակը։
1853-ին, ծնողած մահէն ետք, Ճովաննինա կը ժառանգէ ընտանքին բոլոր հարստութիւնը։Այսուհետեւ իր կեանքը կը նուիրէ խնամելով աղքատները։
Քոմօ քաղաքին Գորթէսէլլա աղքատ շրջանին մէջ կը գնէ մեծ կառոյց մը՝ ու զայն կը նուիրէ Քոմօ թեմին, ուր նաեւ կը հիմնէ ''Ցաւաքին Տիրմաօր Հիւանդապահուհի մայրապետներու միաբանութիւնը''։
Քոյր Ճովաննինա իր մահկանացուն կը կնքէ 26 փետրուար 1873-ին, գուցէ՝ իր խնամած հիւանդներէն մէկէն վարակուած՝ ճարակի մը պատճառով։
20 դեկտեմբեր 2012-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը, քոյր Ճովաննինան հռչակած էր Աստուծոյ աղախին։







All the contents on this site are copyrighted ©.